ԵՐԳ


Խոնաւ էր ու թարմ
իրիկունը աշնան,
երբ գլխահակ ու խոհուն
վիշտը պարուրեց մեզ,
թախծոտ ճիւղերուն։
Աշուն է,
օրերը կը վազեն
պար բռնելով ձեռք ձեռքի
մերթ տխուր, մերթ ժպտադէմ:
Աշուններ պիտի գան անհամար
յետոյ ձմեռ,
յետոյ գարուն ու ամառ։
Պիտի յանձնես ջահդ վառ,
իրենց քայլերովն իմաստուն
քու վազքդ կանխողներուն,
անոնց, որոնք աւելի
աւիւն ունին ու արեւ,
եւ դուն պիտի իյնաս
լոյսերուդ հետ տերեւ տերեւ։
Խոնաւ էր ու թարմ
իրիկունը աշնան
երբ գլխահակ ու խոհուն
վիշտը պարուրեց մեզ,
թախծոտ ճիւղերուն։


Ա. ՇԱՒԱՐՇ



ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ
ԸğՎÿվրՍՈÿ տՏıջՌÿ Armenian poetry