ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ


Դուրսը, մայթերու դաշնամուրին վրայ
հեկեկանքը անձրեւի փշրուող մատներուն
ու փողոցի մութին մէջ
խոժոռ ստուերներ անգոյն
եւ աներեւոյթ պատուհանէն կաթկթող
դաշնակի տրտունջքը տրտում։
Առանձին եմ:
Վանքի մը պէս մենակեաց ու մեղաւոր,
լռակեաց հեռագրասիւնի մը պէս այսօր
աշխարհներու, քաղաքներու անվերջ
ժխորին մէջ
առանձին ես
առանձին ու հզօր։



Ա. ՇԱՒԱՐՇ



ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ
ԸğՎÿվրՍՈÿ տՏıջՌÿ Armenian poetry