| ԱՀՄԱԴ ՆՈՒՐԻԶԱՏԷ |
|
(.....) Ահմադ Նուրիզատէ ծնած է 1951 թուականին Պարսկաստանի մէջ Պարսիկ ընտանիքէ մը։ Փոքր տարիքէն ունեցած է հայ ընկերներ, որոնց շնորհիւ է որ սիրած է հայերէնը ու սորված է հայ բանաւոր լեզուն։ Մասնաւոր դասընթացքներու հետեւելով եւ աշակերտելով հայ բանաստեղծուհի Արշալոյս Պապայանի, ծանօթացած է հայոց տառերուն ու այբուբենին: Ապա ինքնաշխատութեամբ սորված է հայերէն գրաւոր լեզուն եւ սկսած է հայ բանաստեղծներու երկերը ուսումնասիրել, ապա թարգմանել պարսկերէնի, որոնք հրատարակուած են նախ պարսկերէն գրական հանդէսներու մէջ եւ յետագային՝ առանձին գիրքերով։ Ահմադ ՆուրիզատԷ այն բացառիկ այլազգի անձերէն մին է որ այսօր թէ կը խօսի եւ թէ կը գրէ Գրաբար, Արեւելահայերէն եւ Արեւմտահայերէն։ Ունի շատ հարուստ բառապաշար: Ունի նաեւ հայերու եւ հայ գրականութեան մասին պարսկերէն գրուած բազմաթիւ գիրքեր։ Հեղինակած եւ թարգմանած է աւելի քան տասը հատոր գիրք եւ հրատարակած է տասնեակ յօդուածներ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթին։ Երեսուն տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի ծանօթացնելու համար հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը Պարսկաստանի մէջ։ Ահմադ Նուրիզատէ տասը տարիներու աշխատութեամբ ուսումնասիրած եւ թարգմանած է աւելի քան 75 հայ բանաստեղծներու գործերը, որոնք 1200 էջնոց «100 Տարի Հայ Բանաստեղծութիւն» անուն հաստափոր հատորին մէջ հաւաքուած են։ Այս հատորին մէջ յատկապէս կը յիշուին նաեւ պոլսահայ գրողներ Զահրատ, Խրախունի եւ Իգնա Սարըասլանի բանաստեղծութիւնները։ Նուրիզատէ կը պատմէ թէ՝ անուանի պարսիկ գրագէտ մը այս հատորը կարդալով իր հիացումը արտայայտած է սա տողերով. «Ես մեր փոքրիկ դրացի երկիրը շատ լաւ կը ճանչնայի, բայց չէի գիտեր թէ այսքան վիթխարի գրականութեան տէր էր»։ Այսօր այս գիրքը բոլորովին սպառած ըլլալով անգտանելի է հրապարակի վրայ, բայց կ'օգտագործուի Թէհրանի Հայագիտական Ֆաքիւլթէի մէջ։ (.....) Ունի հայերէնով գրուած «Բարեւ Ձեզ, հայեր» վերտառութիւնը կրող անդրանիկ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն: Այս հատորին մէջ «Մասիսը Սար Չէ» բանաստեղծութիւնը մասնաւոր ուշադրութիւն կը գրաւէ որպէս բացառիկ կերպով գեղեցիկ կտոր մը։ Ահմադ Նուրիզատէի կատարած թարգմանութիւններէն կը յիշուին նաեւ «Հայաստանի Պատմութիւն եւ Մշակոյթ», «Ամալիա», «Խնձորի այգին», «Անձրեւ», եւայլն կտորները։ Հայ գրականութեան եւ մշակոյթին կատարած իր մեծ եւ գնահատելի աշխատանքին համար, 2000 թուականին, Լիբանանի մէջ արժանացած է «Կարպիս Փափազեան» գրական մրցանակին, իսկ 2001 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով։ |
|
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ
8 Մայիս 2003 Հինգշաբթի, «Մարմարա» |